2013-01-19 13:07:37

Գանատայի Եկեղեցին Պաշտպանը Կը Հանդիսանայ Երկրի Բնիկներուն` Ամերինտեաներուն։


Ներկայիս Գանատայի զանազան վայրերուն մէջ երկրի բնիկները բողոքի ցոյցեր կը կատարուին պահանջելով դաստիարակութեան, խնամատարութեան, բնակարանի, խմելիք ջուրի ու հողի սեփականութեան իրենց իրաւունքները ։
Գանատայի եկեղեցւոյ գահերէցը` գերապայծառ Ռիշար Սմիթ ողջունած է Գանատայի վարչապետին հանդիպումը ամերինտեաններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ խնդրած է ընդառաջել անոնց արդար պահանջներուն` ապահովցնելով բնական հարստութիւններուն հաւասար բաշխում մը։
Նախարարապետը խոստացած է ընդառաջել անոնց պահանջներուն։
Նշենք որ իրարարայաջորդ կառավարութիւնները մինչեւ օրս չյաջողեցան լուծել վերոյիշեալ ենթավէճը։
1,2 միլիոն հաշւող բնիկները իրեքն զիրենք կը նկատեն որպէս եկրորդ դասակարգի քաղաքացիներ։ Դաշնակցային կառավարութիւնը յաճախ անտեսած է անցեալին ստորագրուած համաձայնութիւնները։ Գանատայի եպիսկոպոսներու գնահատումով հարկաւոր է որ բնիկները տէրը դառնան իրենց սեփական մշակոյթի զարգացումին ու անոր բարգաւաճման։








All the contents on this site are copyrighted ©.